Ինչու՞ Բնիկներու արարողակարգերը կարեւոր են բոլոր աւստրալիացիներուն համար

Young Adult Indigenous Australian
Woman Dancing

Indigenous cultural protocols are based on ethical principles. Source: iStockphoto / chameleonseye/Getty Images/iStockphoto

Աւստրալիոյ Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներու մշակութային արարողակարգերը նշելը կարեւոր քայլ մըն է հասկնալու և յարգելու համար Առաջին Աւստրալիացիները և հողը, որու վրայ բոլորս կը բնակինք:


Կարեւոր Կէտեր
  • Առաջին Աւստրալիացիները հազարաւոր տարիներ հետեւած են Մշակութային վարուելակարգերու:
  • Ապորիճին Երէցներ յարգուած համայնքի անդամներ են, որոնք կրնան իրենց ունեցած մշակութային խոր գիտելիքները փոխանցել ուրիշներու:
  • Մի վախնաք հարցումներ հարցնելու արարողակարգերու վերաբերեալ, որքան ատեն որ յարգանքով կը վերաբերիք:
  • Յարմար և զգայուն լեզու օգտագործելը յարգանք ցոյց տալու աւելի պարզ ձեւ մըն է:
Բնիկներու մշակութային արարողակարգերը հիմնուած են բարոյական սկզբունքներու վրայ, որոնք կը ձեւաւորեն մեր գործող և անձնական յարաբերութիւնները Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներու հետ: 

Կարեւոր է սնուցել սոյն յարաբերութիւնները որովհետեւ անոնք Աւստրալիոյ Առաջին Ժողովուրդներն են: Անոնք հողի վերաբերեալ խոր ծանօթութիւն ունին և կրնան շատ բան մեզի սորվեցնել մեր միջավայրի խնամքի վերաբերեալ:

Քարոլայն Հիուզ, Նունաուալ Երէց մըն է ACT-ի և շրջանին համար: Որպէս Ապորիճին Երէց մը, ան շատ յարգուած է իր մշակութային խորին գիտութեան համար: 

“Մենք հաւատքի դրութիւններ և մշակութային արարողակարգ ունինք, որոնք հազարամեակներու հնութիւն ունին և տակաւին մեր կեանքերու մասը կը կազմեն այսօր արդի Աւստրալիոյ մէջ,” կ’ըսէ ան: 

Հետեւելով մշակութային արարողակարգերուն, մենք կը ճանչնանք անընդհատ կապը որ մեր Առաջին Աւստրալիացիները ունին հողին և իրենց հին սովորութիւններուն հետ:
Առաջին Ազգերու մշակոյթներու շարունակուող սովորութիւններու կողմնակից է Ռոտա Ռոպըրթս, SBS-ի Երէցը: 

“Մենք դարերով շարունակած ենք բանաւոր պատմութիւնները, արարողակարգերը և ծիսակարգերը: Սակայն մենք անփոփոխ ժողովուրդներ չենք, մեր փիլիսոփայութիւնն է խնամել երկիրը որ մեր հողն է, մեր ծովը և մեր ջրուղիները և երկինքը:”
AC Milan v AS Roma
Aboriginal dancers perform during the welcome to country before the friendly between AC Milan and AS Roma at Optus Stadium on May 31, 2024 in Perth, Australia. Credit: Paul Kane/Getty Images

Ինչպէս՞ մենք պէտք է դիմենք Առաջին Աւստրալիացիներուն

‘Ապորիճին’ և ‘Թորրես Նեղուցի Կղզեցի’ յարմար է օգտագործել Աւստրալիոյ տարածքին, կ’ըսէ Քարոլայն Հիուզ: Մարդիկ նաեւ ինքզինքին կը նոյնացնեն կապուելով այնտեղէն ուրտեղէն եկած են, ինչպէս ‘Քուրի’ որ յաճախ կը գործածուի Նիու Սաութ Ուելսի և Վիքթորիայի մէջ, ‘Մարրի’ կը գործածուի Քուինզլանտի մէջ և ‘Փալաուա’ Թազմանիայի մէջ: 

“Ես կը նախընտրեմ կոչուիլ Նունաուալ կին որովհետեւ այդ իմ Երկիրն է," կ’ըսէ Տիկին Հիուզ:
Իմ Երկիրը իմ լեզուի խումբն է և իմ տոհմական խումբը, և այդ կը տեղեկացնէ այլ Ապորիճին մարդոց թէ ես ուրտեղէն կ’ուգամ:
Քարոլայն Հիուզ

Երկու իւրայատուկ Բնիկ ժողովուրդներ

Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներ Բնիկ ժողովուրդներն են կղզիներու, որոնք կը գտնուին Քէյփ Եորք Դերակղզիի ծայրամասէն մինչեւ Փափուա Նիու Կինէի միջեւ և մեծամասնութեամբ մելանէզիական ծագում ունին: 

Թոմաս Մայօ, Թորրես Նեղուցի Կղզեցի մըն է և Աւստրալիոյ Ծովային Աշխատաւորական Միութեան Ազգային Քարտուղարի Օգնականը: Ան կ’ըսէ որ Բնիկ ժողովուրդներ շատ բազմազան են: 

“Բոլոր Առաջին Ազգերը թեթեւակի տարբեր մշակոյթներ ունին, սակայն յստակ տարբերութիւն կայ Կղզեցիներու և Ապորիճին մշակոյթին միջեւ: Կղզեցիներ կ’ուզեն ճանչցուիլ որպէս իւրայատուկ Բնիկ Ժողովուրդներ:"
Both the Aboriginal and Torres Strait Islander flags are flown alongside the Australian national flag to acknowledge these distinct Indigenous peoples.
Both the Aboriginal and Torres Strait Islander flags are flown alongside the Australian national flag Source: AAP / AAP Image/Mick Tsikas

Օգտագործել յարգալից լեզու

Գլխագիր տարրերով “Բնիկ," “Ապորիճին," “Թորրես Նեղուցի Կղզեցի," “Երկիր" և “Երէց" եզրերը օգտագործելը յարմար են: Սակայն, կրճատումները չափազանց անարգական են կը բացատրէ Քարոլայն Հիուզ: 

“Երբէք չկրճատել ‘Ապորիճին’ բառը: Մենք կրճատուած չենք և շատ յստակ ենք այդ հարցով, և վիրաւորական եզրաբանութիւններ կան որոնք մեր սիրտերը կը վիրաւորեն:"

Որոնք՞ են Երէցները

Երէցներ յարգուած համայնքի անդամներ են, որոնք ունին խոր մշակութային գիտելիքներ: Անոնց կը դիմեն որպէս ‘Մօրաքոյր’ և ‘Հօրեղբայր:’ Պատշաճ է որ ոչ բնիկ մարդիկ նախ հարց տան եթէ կրնա՞ն օգտագործել այս կոչումները: 

Յաճախ երէցներէն կը խնդրեն որ արարողութեան մը ընթացքին հանդես գան «Բարի Գալուստ Երկիր» ուղերձով:

Ինչ՞ է ‘Բարի Գալուստ Երկիր’

Յօրինուած 1980-ականներուն Ռոտա Ռոպըրթսի կողմէ, Բարի Գալուստ Երկիրը աւանդական բարի գալուստի արարողութիւն մըն է, որ կը կատարուի արարողութեան մը սկզբնաւորութեան յարգելու համար անցեալը: Կրնայ ճառ մը ըլլալ, պար մը կամ ծխումի արարողութիւն մը: 

Նմանապէս, ‘Երկրի Ճանաչումը’ կարեւոր բարի գալուստի արարողակարգ մըն է, որ կը տրուի կարեւոր հանդիպումներու ժամանակ և կրնայ կատարուիլ որեւէ մէկուն կողմէ, կ’ըսէ Ռոտա Ռոպըրթս:

Անյարմար լեզու

Երեխաներու բռնի հեռացումի հետեւանքով առաջ եկած պատմական վէրքը կ’ազդէ թէ մարդիկ ինչպէս կը պատասխանեն իրենց կենսագրական տուեալներու վերաբերեալ հարցումներու, կ’ըսէ Քարոլայն Հիուզ: 

“Շատ անյարմար է խօսիլ տոկոսի և նոյնիսկ մորթի մասին, աչքի և մազի գոյնի մասին որովհետեւ մեր երեխաները մեծցած են մեր մշակոյթին մէջ, և այդ շատ յատուկ է մեզի համար:" Սպիտակ հասարակութիւնը կամ ոչ-բնիկ հասարակութիւնը մերժեց այս երեխաները, մինչ Ապորիճին մշակոյթին մէջ անոնք նուէրներ են հոգեկան աշխարհէն, մեր ընտանիքներուն, մեր համայնքին և միշտ ընդունուած են:"

Յարգանք ցոյց տալ աւելի սորվելով

Մի վախնաք յարգալից կերպով հարցումներ հարցնելու արարողակարգերու վերաբերեալ, կ’ըսէ Թոմաս Մայօ: 

“Կարեւոր է լսել և ընդունիլ բացատրութիւնը և յարգանքով առաջ շարժիլ:” 

Պարոն Մայո խորհուրդ կ’ուտայ որ ամէն մարդ կարդայ Ոլուրույի Յայտարարութիւնը Սրտէն որ մատչելի է այստեղ և նեցուկ կանգնիլ ատոր առաջարկներուն: 

SBS-ի Երէցը մեզի կը յիշեցնէ որ արարողակարգերը հիմնականին մարդկային էակ մը ճանչնալն է:
Ազնուութեան և կարեկցութեան մասին է, սակայն միշտ կ’ըսեմ որ քաղաքավարութեան մասին է:
Ռոտա Ռոպըրթս
This content was first published in May 2022.

Share